2016-03-12 11:58:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարտ Ամսուայ Յոբելենական ունկնդրութիւնը` Ողորմութիւն եւ Ծառայութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Յոբելենական Տարւոյն ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ, շաբաթ 12 մարտի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, Մարտ Ամսուայ Յոբելենական հրապարակային ունկնդրութիւնը շնորհեց այնտեղ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, որոնց շարքին նաեւ Նափոլի քաղաքէն մեծ թիւով հաւատացեալներ, որոնք Հռոմ ժամանած են որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն, մէկ տարի առաջ Ֆրանչիսկոս Պապին իրենց քաղաքը կատարած այցելութեան առթիւ։

Յոբելենական ունկնդրութեան որպէս նիւթ` Նորին Սրբութիւնը ընտրեց Յովհաննէս Աւետարանէն քաղուած հատուածը որ կը պատմէ թէ վերջին ընթրիքի պահուն Յիսուս լուաց  իր աշակերտներուն ոտքերը։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս ըսաւ Քահանայապետը, կը մօտենանք Սուրբ Զատկուայ տօնին, որ մեր հաւատքի կեդրոնական խորհուրդն է։ Յովհաննէսի Աւետարանը մեզի կը պատմէ թէ Յիսուս յատուկ ժեստ մը կատարեց, որ դրոշմուած մնաց իր աշակերտներուն մտքին մէջ` ոտնլուան։ Անսպասելի մէկ վարմունք մը որ Պետրոս չուզեց ընդունիլ եւ չէր ուզեր թոյլ տալ որ Վարդապետը լուար իր ոտքերը։ Այսօր կ՛ուզեմ անդրադառնալ Յիսուսի վերջին խօսքերուն, ըսաւ Քահանայապետը ''Կը հասկնա՞ք ինչ որ ըրի ձեզի....Եթէ ես Տէրս ու Վարդապետս ձեր ոտքերը լուացի, դուք ալ պարտիք իրարու ոտքերը լուալ (Յովհաննէս 13,12-14)։

Այս խօսքերով Յիսուս իր աշակերտներուն ցոյց կու տայ թէ ծառայութեան մէջ է որ կ՛ապրուի հաւատքը ու իր սիրոյն վկայութիւնը։ Յիսուս ինքնիրեն կը վերապահէ ''Աստուծոյ ծառայի'' պատկերը։ Ինք` Տէրը կը դառնայ ծառայ։ Իր աշակերտներուն ոտքերը լուալով Յիսուս ուզեց մեզի օրինակ հանդիսանալ ու մեզի հասկցնել իր պատուիրանը ''Սիրել` մէկը միւսը, այնպէս ինչպէս Ինք սիրեց մեզ, այսինքն իր կեանքը տալով մեզի համար''։

Սէրը ուրեմն կը կայանայ առարկայական ծառայութեան մէջ, զոր կը մատուցենք մէկը միւսին։ Խոնարհ ծառայութիւն մը, կատարուած լռութեամբ ու ծածուկ, այնպէս ինչպէս Յիսուս մեզի կ՛ըսէ ''Թող ձախ ձեռքդ անգիտանայ ինչ կ՛ ընէ աջդ'' (Մատթ 6,3)։

Այս կը նշանակէ ի գործ դնել Սուրբ Հոգւոյն պարգեւները որպէսզի համայն հասարակութիւնը աճի, եւ այս մէկը կ՛արտայայտուի նիւթական ինչքերու բաժնեկցութեան մէջ որպէսզի եւ ոչ մէկը կարիքի մէջ մնայ ըսաւ Ֆրանչսիկոս Պապ ու յայտնեց թէ ''Յիսուս լուալով իր աշակերտներուն ոտքերը ու անոնցմէ խնդրելով որ նոյնը կատարեն, հրաւիրեց նաեւ մեզ մէկը միւսին խոստովանելու մեր տկարութիւնները եւ աղօթելու մէկը միւսին համար ու զիրար ներելու''։

Սուրբ Օգոստինոս արդարեւ կ՛ըսէ ''Թող Քրիստոնեան չզլանայ կատարելու այն ինչ որ ըրաւ Քրիստոս։ Որովհետեւ երբ մարմինը կը խոնարհի մինչեւ եղբօր ոտքերը, սիրտն ալ կը վառի եւ խոնարհութեան զգացումը կ՛արթննայ....''։

Սէրը, եղբայրսիրութիւնը ծառայութիւն է։ Բազմաթիւ անձինք իրենց կեանքը նուիրած են ծառայութեան ըսաւ Քահանայապետը ակնարկելով իրեն ուղղուած մէկ նամակին որուն մէջ անձ մը խնդրած է իրմէ աղօթք` որպէսզի կարենայ աւելիով մօտիկ ըլլայ Տիրոջ, որովհետեւ իր կեանքը նուիրած էր իր հիւանդ մօր եւ եղբօր ծառայութեան։

Ասիկա սէր է, ըսաւ Ֆրանչիսկսո Պապ, երբ դուն մոռնաս դուն քեզ ու մտածես ուրիշներուն. Ասիկա սէր է։ Եւ Ոտնլուայով Տէրը մեզի կը սորվեցնէ ըլլալ ծառաներ, Իրեն նման ծառաներ։

''Ուրեմն սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր,  ըլլալ Հօր նման Ողորմած կը նշանակէ հետեւիլ Յիսուսին, ծառայութեան ճանապարհի վրայ'' հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով իր խորհրդածութիւնը ապա զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակներուն, հրաւիրելով զանոնք պահպանելու այն արժէքները որոնց կը հաւատան, իրենց ցաւերը նուիրելու իրենց հաւատքին համար հալածուած քրիստոնեաներուն եւ ըլլալու Աստուծոյ համագործակիցներ` զաւակներու դաստիարակութեան յանձնառումին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.